2013-12-11 12:12:18

Վատիկանի ''Գոր Ունում'' բարեսիրական մարմնի նախագահին կոչը` վերջ դնելու Սուրիոյ մէջ գործադրուած բռնութիւններուն։


''Ընդհարումի պատասխանատուները պէտք են թոյլ տալ մարդասիրական օգնութիւններու բաշխումին''։

Լիբանան կատարած չորս օրուայ այցելութեան աւարտին Վատիկանի ''Գոր Ունում'' բարեսիրական մարմնի նախագահ` կարտինալ Ռոպէրթ Սարահ, Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին, կոչ ուղղեց` վերջ դնելու Սուրիոյ մէջ բռնութիւններուն եւ խնդրեց ընդհարումի պատասխանատուներէն նպաստել մարդասիրական օգնութիւններու բաշխումին։ Ան ապա բաղձանք յայտնեց որ Ժընեւ Բ կլոր սեղանը երաշխաւորէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը ու տեղ ապահովուի վաղուայ Սուրիոյ բոլոր խումբերուն։

Կարտինալը Լիբանանին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ գրեթէ բոլոր եպիսկոպոսներուն ու բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Լիբանանի անվտանգութեան սպասարկութեան զօրավար` Աբաս Իբրահիմ, ներկայիս աշխատանք կը տանի, Քաթարի օգնութեամբ, ազատագրել Սուրիոյ Մաալուլայի կուսանները, որոնք կալանուած են ընդդիմադիր խումբերու կողմէ, առեւանգուած անցեալ 2 դեկտեմբերին։ Լիբանանի անվտանգութեան սպասարկութեան զօրավարը Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սլէյմանի խնդրանքով Տոհա մեկնած է անցեալ 7 դեկտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.